2016-02-21 12:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան Աղօթքը` Մեքսիքոյի առաքելական ճամբորդութեան յիշատակով։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 21 Փետրուարը, ըստ լատանից. քառասնորդացի երկրորդ կիրակին է։ Այս առթիւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբւած հազարաւոր ուխտաւորներուն ներկայութեամբ արտասանած Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց թէ  օրուայ աւետարանը կը խօսի Յիսուսի կերպարանափոխումի մասին։ Յիսուս որ ամփոփուած աղօթքի մէջ` իր երեք աշակերտներուն կը յայտնէ իր Աստուածային փառքը եւ իր Յարութիւնը։

Մեքսիքօ կատարած առաքելական ճամբորդութիւնս եղաւ կերպարանափոխութեան փորձառութիւն մը - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։ Տէրը մեզի ցոյց տուաւ իր լոյսն ու փառքը, իր Եկեղեցւոյ Մարմնին ու իր սուրբ Ժողովուրդին ընդմէջէն, որ այդ հողերուն վրայ կ՛ապրի։ Յաճախ վիրաւոր մարմին մը ու ժողովուրդ մը` յաճախ ճնշուած, արհամարհուած, եւ արժանաւորութեան մէջ  բռնաբարուած։  Մեքսիքոյի մէջ բազմաթիւ հանդիպումները եղան լի լոյսով` հաւատքի լոյսը որ կը կերպարանափոխէ դէմքերը եւ կը յստակացնէ ուղեւորութիւնը, յարեց ապա Քահանայապետը ակնարկելով իր  

ուխտագնացութեան հոգեւոր կեդրոնին որ  հանդիսացաւ Կուատալուփի Տիրամօր սրբավայրը։

''Մօր պատկերին առջեւ լռութեամբ կանգնիլ իմ առաջնահերթ ցանկութիւնս էր։ Եւ Աստուծոյ փառք կը մատուցեմ այս պարգեւին համար։ Դիտեցի եւ թոյլ տուի որ Ան որուն հայեացքին մէջ դրոշմուած է իր բոլոր զաւակներուն հայեացքը, ու կը համախմբէ բռնութեան ցաւերը, առեւանգումները, սպանութիւններն ու հարստահարումները աղքատ ու անկար մարդոց, ինծի նայի։

Կուտալաուփի սրբավայրը Մարեմեան աշխարհի ամէնէ յաճախուած սրբավայրն է։ Համայն Լատին Ամերիկայէն մարդիկ այնտեղ կ՛երթան աղօթելու այն Տիրամօր որ Սուրբ Խուան Տիեկոյին երեւցաւ սկիզբ տալով Լատինամերկեան ցամաքամասի աւետարանութեան ու անոր նոր քաղաքացիութեան որ պտուղն է տարբեր մշակոյթներու հանդիպումին։

Այս է ահա ժառանգութիւնը որ Տէրը յանձնեց Մեքսիքոյին, պահպանել զանազանութիւններու հարստութիւնը ու միաժամանակ բացայայտել միասնական հաւաքի ներդաշնակութիւնը։

''Իմ նախորդներուս նման ես եւս այնտեղ գացի Մեքսիքացի ժողովուրդը իր հաւատքին մէջ ամրապնդելու համար ու միաժամանակ ես եւս ամրապնդուեցայ եւ իմ ձեռքերովս քաղեցի այս շնորհքը որ բարեբեր է տիեզերական եկեղեցւոյ համար'' ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ որպէս օրինակ բերելով Մեքսիքաի ընտանիքներու ուրախութիւնն ու հրճուանքը համայն եկեղեցւոյ Հովիւ`  Քրիստոսի պատգամաւորին վերապահած ընդունելութեամբ առթիւ եւ որոնք ''իրենց կարգին ինծի նուիրեցին  ապրուած զօրեղ հաւատքի վկայութիւններ…եւ այս մէկը կարելի է ըսել նաեւ երիտասարդներու, նուիրեալ անցերու, քահանաներու, աշխատաւորներու եւ բանտարկեալներու հետ ունեցած հանդիպումներուս մասին'' յայտնեց Սրբազան Քահանայապետը ու գոհութիւն  մատուցեց Տիրոջ ու Կուատալուփի Տիրամօը ուխտագնացութեան պարգեւին համար, ապա  շնորհակալութիւն յայտնեց Մեքսիքոյի նախագահին ու պատկան իշխանութիւններուն իրեն վերապահած ջերմ ընդունելութեան համար ինչպէս նաեւ  շնորհակալութիւն յայտնեց իր  եղբայրակից եպիսկոպոսներուն ու բոլոր այն անձերուն որոնք համագործակցեցան ճամբորդութեան յաջողութեան համար։

Յատուկ փառաբանական աղօթք բարձրացնենք Սուրբ Երրորդութեան որ կամեցաւ այս առիթով Քուպայի մէջ կայանար Քահանայապետի եւ Մոսկուայի ու Համյան Ռուսիոյ Պատրիքարի` սիրելի եղբայրս Քիրիլի հետ հանդիպումը։ Այս իրադարձութիւնը եւս Յարութեան մարգարէական լոյս մըն է որուն աշխարհը այսօր աւելի քան երբեք կարիքը ունի ըսաւ Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի շարունակէ մեզ առաջնորդել միութեան ճանապարհին վրայ։ ''Աղօթք բարձրացնենք Քազանի Տիրամօր որուն սրբանկարը ինծի նուէր ըրաւ Քիրիլ Պատրիարքը - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որուն աւարտին ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.